Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ իրանեան բարձրաստիճան դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնած է, թէ Վեցեակի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու յաջորդ հանգրուանը պիտի սկսի  26 մայիսին` Վիեննայի մէջ: Հանդիպում տեղի պիտի ունենայ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժիի եւ եւրոպական դիւանագիտութեան փոխղեկավար Հելկա Շմիտթի միջեւ, ինչպէս նաեւ այլ հանդիպումներու` մասնագէտներու մակարդակով:

«Ապպաս Արաքժի երեքշաբթի օր հանդիպում պիտի ունենայ Հելկա Շմիտթի հետ: Հաւանաբար, Վեցեակի քաղաքական տնօրէնները անոնց միանան հինգշաբթի», ըսած է աղբիւրը:

Ըստ անոր, ներկայ պահուս «կողմերը կը շարունակեն աշխատիլ իրանեան հիւլէական ծրագիրի շուրջ աւարտական համաձայնագիրի կազմութեան վրայ»:

Իրանը Համաձայնած Է Միջազգային Մասնագէտներուն Արտօնել Այցելել Իր Զինուորական Կեդրոնները։

Արաքժի Իրան խորհրդարանի փակ նիստի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը համաձայնած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան «վերահսկուող» հասանելիութիւն տրամադրել իր զինուորական կեդրոններուն: Ըստ անոր, Վեցեակի ներկայացուցիչները Իրանին ներկայացուցած են ցանկը իրանցի գիտնականներուն, որոնց կը փափաքին հարցաքննել:

Իրանի հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի 20 մայիսին ընդգծած էր, որ Իրան երբեք պիտի չարտօնէ միջազգային հսկիչներուն այցելութիւնը երկիրի զինուորական կեդրոններ: